Աշխարհականներու Քահանայապետկան Ժողովի Կառավարիչ` Կարտինալ Րիլքոյի Խորհրդածութիւնը
Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուայ (ՃՄՃ) Մասին։
Աշխարհականներու Քահանայապետկան Ժողովի Կառավարիչ` Կարտինալ Րիլքոն խորհրդածելով յառաջիկայ
երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ մասին որ տեղի կ՛ ունենայ Պրազիլի մէջ յուլիս 22-28,
կը մատնանշէ վերոյիշեալ հաւաքի նորութիւններուն։ Ան կը նշէ թէ 26 տարիներ ետք, ՃՄՃ
կը վերադառնայ Լատինամերիկայ` 1987-ի Պուէնոս Այրէսի մէջ նշուած երիտասարդութեան համաշխարհային
օրերէն ետք որ եղած են առաջինը` գումարուած Հռոմէն դուրս։ Ճիշդ այդ օրէն ի վեր սկիզբ
առաւ երիտասարդ քրիստոնեաներու մոլորակային ուխտագնացութիւնը Սուրբ Պետրոսի հետքերով
որ այսօր եւս կը շարունակէ աշխարհը հմայել. Որքա՜ն հաւատքի ուրախութիւն, որքա՜ն առաքելական
եռանդ եւ որքան սէր` Քահանայապետի եւ Եկեղեցւոյ հանդէպ։ ՅՊԲ երջանկայիշատակ քահանայապետը
հայեացքը ուղելով Պուէնոս Այրէսի ''Ավէնիտայի'' տարածքի վրայ համախմբուած երիտասարդներուն
անոնց ըսած էր` ''ձեզի անգամ մը եւս կ՛ուզեմ կրկնել, ինչ որ ձեզի ըսած էի գահակալութեանս
օրը, դուք քահանայապետի յոյսն էք, դուք յոյսն էք եկեղեցւոյ։
Րիոյի երիտասարդական
հաւաքը ունի այլ յատկանիշ մը` - կը գրէ միշտ Կարտինալ Րիլքօ ի խորհրդածութեան մէջ -
ան պատրաստուած էր Պենտետկտոս ԺԶ -ի կողմէ եւ առաջին անգամուայ համար զայն պիտի նախագահէ
լատինամերիկացի քահանայապետ մը ` ֆրանչիսկոս։
Րիոյի 2013-ի երիտասարդաց հաւաքին
նիւթն է '' գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը'' հրաւէր մը որ կ՛ուղեկցի ժամանակակից
եկեղեցւոյ ճանապարհորդութեան, որ ոգեւորուած է Սուրբ Հոգիէն նորոգելու համար առաքելական
եռանդը։ Կ՛ուղեկցի Լատին ամերիկայի եկեղեցւոյ որ 2007-էն ի վեր կը վերապրի միսիոնարական
զարթօնքի նոր շրջան մը։
Միջազգային գետնի վրայ Րիօյի երիտասարդական օրերը մաս
կը կազմեն Պենետիկտոս ԺԶ-ի հռչակած ''հաւատոյ տարուայ։'' Երիտասարդութեան համաշխարհային
օրերու հաստատումը եղաւ երջանկայիշատակ ՅՊԲ-ի մարգարէական որոշումներէն մին։ Երիտասարդները
այս օրերուն ընդմէջէն կը վերագտնեն Քրիստոսը որ է` ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք,
կը վերագտնեն Եկեղեցին որպէս Մայր եւ դաստիարակ եւ որպէս բարեկամութեան վայր որ նեցուկ
է կեանքի ուղեւորութեան ու նաեւ կը վերագտնեն ս. Պետրոսի յաջորդը որպէս ապահով առաջնորդ
եւ բարեկամ որուն վրայ կարելի է վստահիլ։
Երիտասրադներու համաշխարհային օրերու
շնորհիւ` Եկեղեցին վերագտաւ իր երիտասարդ դիմագիծը, այդ ոգեւրուած եւ վերանորոգուած քաջութեան
դիմագիծը։ 25 տարիներու ընթացքին երիտասարդական այս հաւաքները դարձան աւետարանացումի
զօրեղ միջոցներ։ Րիոյի երիտասարդաց հաւաքը նոր հանգրուան մը կը բանայ այս երիտասարդներու
հոյակապ ուղեւորութեան` սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետեքերուն վրայ։ Ֆրանչիսկոս Պապը
սկիզբէն ի վեր յայտնուեցաւ երիտասարդներուն որպէս բարեկամ եւ հայր։ եւ վստահ ենք թէ ըլլայ
Անոր անձնական վկայութիւնը եւ ըլլան Անոր խօսքերը, ՃՄՃ -ի ընթացքին, պիտի կազմեն զօրեղ
պատգամ մը որ պիտի խրախուսէ երիտասարդները ըլլալու իսկական աշակերտ ու միսիոնարներ։